Saturday, August 2, 2008

ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԻԲԱՆԱՆ

Անցնող շաբթուան այս սիւնակով անդրադարձանք Պէյրութի մէջ հանկարծակի կերպով բռնկած կացութեան մասին: Փորձեցինք նաեւ տեղի ունեցած ապահովական վիճակի անկումի ետին գտնուող պատճառ(ներ)ը յստակացնել: Բայց սիւնակը գրուած ռոպէին շատ բան տակաւին անյստակ կը մնար:

Թէեւ անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին Պյրութի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու կրկնորինակները պատահեցան նաեւ Լեռնալիբանանի, Թրիփոլիի ու այլ վայրերու մէջ ու մօտ 7 օր տեւած խլրտումներու հետեւանքով գոյացան մօտ 89 մերեալ ու հարիւրաւոր վիրաւորներ, սակայն կարեւորը այն է, որ կացութիւնը ընդհանրապէս դէպի լարուած հանդարտութիւն գնաց, յատկապէս Արաբական Լիկայի յատուկ նոր յանձնաժողովի Լիբանան ժամանելուն լոյսին տակ (տակաւի'ն կը մնայ տեսնել, թէ Արաբական Լիկայի այս քանիերորդ փորձը գետնի վրայ դրական որեւէ արդիւնքի պիտի հասնի՞):

Լիբանանեան թատերաբեմի քաղաքական երկու կողմերն ալ (իմա: 14 եւ 8 Մարտ խմբակցութիւնները) իւրաքանջիւրը սկսաւ իր կողմէ դիտուած դաւադրական տեսութիւններ (conspiracy theories) մէջտեղ նետել՝ դէպքերու իր վարկածը փաստելու համար:

Այսպէս՝ մինջ Մարտ 14-ի խմբակցութիւնը յայտարարեց թէ Օդակայանի մէջ Հըզպալլայի ունեցած սարքերն ու ապահովական ուժի հսկողութիւնը (յանձինս Հըզպալլայի կողմնակից եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան պետին) եւ կազմակերպութեան ունեցած կապակցութեան ցանցը (communications system) կը պատրաստէր ճակատի տիտանններէն հանդիսացող Ուալիտ Ճոմպլաթը ահաբեկել՝ երբ վերջինիս Գահիրէ պիտի ճամբորդեր (լուրը հաւաստիացցուց նաեւ եգիպտացի պատասխանատու մը, երբ յայտարարեց, ու անոր յայտարարածը լիբանանեան «Ալ Նահար» օրաթերթը իւրացուց ու տպեց իր սիւնակներուն վրայ, որ Լիբանանի վարչապէտ Ֆուատ Սինիորան ժամանակ մը առաջ եգիպտական կողմին իմաց տուած էր թէ ահաբեկման ծրագիրը պատրաստ էր եւ թէ անոր պատճառով Ճոմպլաթ միտասաներորդ ռոպէին հրաժարած էր ճամբորդելէն):

Միւս կողմէն՝ Հըզպալլայի աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենց կատարած «զսպուած» զինական շարժումը կը նպատակադրեր կանխել կառավարութեան առած զոյք որոշումներով Հըզպալլան կղզիացնելու եւ զինք Կազայի մէջ Համասի կացութեան ենթարկելու մտադրութիւնը, ինչպէս նափը զինք լիբանանեան բանակին հետ ուծղղակի ճակատման հանելու կարճատեսութիւնը:

Թէեւ Ճոմպլաթի ահաբեկման տեսութիւնը տակաւին հիմնական փաստերու յառաջ բերման կը կարօտի, Հըզպալլայի մէջտեղ նետած տեսութիւնը աւելի հաւանական կը թուի ըլլալ, մանաւանդ եթէ ի նկատի ունենանք այն պարագան, որ Սինիորան իր կառավարութեան կայացուցած ոորոշումներուն յաջորդ առաւօտն իսկ, զանոնք ուղարկած էր Միացեալ Ազգերու մօտ Լիբանանի դեսպանին, որիր կարգին զանոնք յանձնած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր Քարտուղար Փան Քի Մոնին, ու ան ալ զանոնք յանձնած էր իր Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Թէրի Լորտ Լարսընին: Հիմա ինջպէս բացատրել Լիբանանի նման երկրի մը (որ տակաւին ՄԱԿ-ի սկզբունքներով անկախ ու գերիշխան պետութիւն կը նկատուի) կողմէ նման ակտ մը , որ լալկանութենէն աւելի երեխայական հոգեբանութիւն կ'ենթադրէ: Լիբանանեան կառավարութեան գոյացուցած բայդ դեռ եւս գործադրութեան չդրուած որոշումները ի՞նչ գործ ունին ՄԱԿ-ի մօտ, եթէ ոչ փաստելու այն վարկածը, որ Մարտ 14 ճակատը իր կացուչիւնը ամբողջութեամբ ՄԱԿ-ի, ու այդ ճամբով ալ Ամերիկայի ձեռքը դրած է:

Ի՞նչ են պատճառները կացութիւնը զարմանալի արագութեամբ հաբդարտեցնեկու:

Սկսինք Իրանով: Իրան Համասի ուՀըզպալլայի միջոցաւ այսպէս ասած հարաւէն ու հիւսիսէն «շրջապատած» է Իսրայէլը: Իրան երբէք պիտի չուզէ նոր պատերազմ մը, զոր կրնայ խանգարել իր այս խաղաքարտերը:

Միւ կողմէն, Ամերիկեան վարչութիւնը՝ յանձինս Պուշի կ'ուզէ իր ժամանակը փակել որոշ բարոյական յածթանակով: Ան չի կրնար սկսուած երկու պատերազմներ (իրաք, Աֆղանիստան) բաց ձգել եկող վարչակարգին համար: Աւելի'ն, Պուշ ու Քոնտալիսա Ռայս կ'ուզեն անպայման մինչեւ տարեվերջ այսպէս կամ այնպէս «խաղաղութիւն» մը յառաջացնել պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին մէջ: Հետեւաբար, Պուշի վարչակարգին համար Լիբանանի իր բարեկամներուն թիկունք կանգնելու գծով դիւր չէր գար կացութիւնը աւելի եւս պայթեցնելը: Ասոր գիտակցեցան Մարտ 14-ի ղեկավարները եւ անմիջապէս ընդունեցան Արաբական Լիկայի խաղաղական առաքելութիւնը ու յետս կոչեցին տագնապին դուռ տուող կառավարութեան կայացուցած խնդրայառոյց երկու որոշումները:

Իրանի համար իր խաղաքարտերը կորսնցնըլու վտանգը իսկական կը թուի ըլլալ, մանաւանդ եթէ ի նկատիունենանք Իսրայէլի ու Սուրիոյ միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններու յառաջխաղացքը:
Եթէ Սուրիա խաղաղութեան համաձայնագրով մը դուրս գայ կամ դուրս բերուի կացութենէն, Իրանի ու ՀամասռՀըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները խիստ կը վտանգուին: Համաս արդէն շրջափակման տակ է: Բայց Հըզպալլայ պիտի չուզէ այդ կացութեան մէջ դրուիլ: Ուստի, Իրանէն եկած կանաչ լոյսով դիմեց զսպուած ու կարճատեւ խլրտումի միջոցին:

Հըզպալլայի համար Սուրիական «միջոց»ի բանակցութիւններու ու հաւանական հաշտութեան մը արդիւնքով մէջտեղէն վերցուիլը խիստ վտանգաւոր ակդ է: Անորրր անջատումով Իրանի հետ իր ֆիզիքական կապի հիմնական առանցքը կը կորսուի: Տակաւի'ն կայ մւկ ալ հարց այս մասին: Բոլորիս մտքերուն մէջ դեռ թարմ է ամիսներ առաջ դամասկոսի արուարձաններէն մէկուն մէջ Հըզպալլայի ռազմավարական մասնագէտին: Իմատ Մուղնիէի ահաբեկումը: Մուղնիէի Հըզպալլայի Իսրայէլի դէմ մղած պայքարին մէջ կազմակերպական ու ռազմավարական ի՞նչ կարւորութիւն ունենալը առայժմ պատմութեան կը ձգենք: Սակայն, կ'արժէ պարզապէս ընդգծել, որ անոր ահաբեկումով Հըզպալլա շատ պան կորսնցուց: Ոմանք նոյնիսկ կ'ըսեն որ եթէ ան ողջ ըլլար, Հըզպալլա Մայիսի 5-ին Պէյրութի մէ' իր կատարածը պիտի չկատարեր: Իսկ թէ ահաբտկումը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի մէջ, այդ եւս ցուցանիշ մէն է այն գծով, որ Հըզպալլա որքանով կը սոսկայ հաշտութեան մը հետեւանքով Սուրիան այս խաղէն դուրս բերելու հարցըն:

Արաբական Լիկայի յատուկ նոր յանձնաժողովի Լիբանան ժամանելուն եւ լիբանանեան կողմերը Տոհայի մէջ տիալոկի հրաւէրին ընդառաջելուն արդիւնքով Լիբանանի բռնկած թատերաբեմը ժամանակաւորապէս մարեցաւ: Բայց թէ Լիբանանի հարցը Լիբանանի ներքին ուժերու համաձայնութեամբ լուծումի մը հանքելու հարցը իրականութենէն շատ հեռու է: Մանաւանդ որ ոչ ոքի համար գաղտնիք մը չէ, որ լիբանանեան հարցը Միջին Արեւելքի ընդհանուր տագնապի փաթեթին մաս կը կազմէ ու անոր իսկական լուծումը փաթեթե ամբողջական լուծումով կը լուծուի: Այլապէս, այս պատահարը եւս 1975-ին սկսած Լիբանանի ոդիսականի գրքինն մէկ նոր ու անցողական գլուխը պիտի կազմէ:

No comments: