Saturday, August 2, 2008

Հայկական Ցեղասպանութիւնը Եւ Դիւանագէտներու Կամ Պատմաբաններու Յանձնաժողովներու Ղփոթութիւնը...

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերճ սարգսեանի Մոսկուայի մէջ հայեւթուրք յարաբերութիւններու գծով կատարած յայտարարութիւնն ու անկէ ետք, Wall Street Journal օրաթերթին մէջ իր ստորագրած յոդուածը հիմնական քննութեան արարկայ դարձաւ ու տակաւին կը դառնայ հայկական ու թրքական մամնուլներուն մէջ:

Մինջ թրքական կողմը դրական դրսեւորումով կ'ընդառաջէ Սարգսեանի յայտարարութեան, անդին, Հայկական կողմը, յանձինս քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութեանց որոնց գլխաւորներէն կարելի է նկատել Հ.Յ.Դ.ն ոպւ Ռ.Ա.Կ.ը, նախագահին կատարածը քաղաքական «կաֆ» կը նկատեն ու հայութիւնը կը հրաւիրէն ամուր կարչելու Հայկական Ցեղասպանութեան անժխտելիութեան, ինչպէս նաեւ անով դրսեւորուող հողապահանջի ու արդար յատուցումի իրողութեանց վրայ:

Այս բոլորին մէջ խնդիրը այն է, որ հարցը ունի երկու երես, իսկ մենք կ'անդրադառնանք անոր մէկ երեսին միայն:

Առաջին հերթին յստակացնենք, որ Նախագահ Սարգսեանի Մոսկուայի մէջ կատարած յայտարարութիւնը ձախավեր էր, չըսելու համար տհաճ ու անտեղի: Անկարելի է հասկնալ, որ նախագահ մը, որ պէտք է անպայման իր կողքին ունենայ խոհեմ ու իմաստուն խորհրդականներ, ինչպէ՞ս նման թակարդ մը կը լառէ ինքնիրէն ու Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերող խիստ պատասխանատու յայտարարութիւն կը կատարէ:

Հարց կը ծագի թէ յայտարարութիւնը կանխամտածուա՞ծ էր կամ ոչ: Քաղաքական աշխարհին մէջ պետական չափանիշով յայտարարութիւնները անպայման որ կանխամտածուխած կ'ըլլան: Սակայն այս մարզին մէջ այնքան մեծ են քաղաքական անձնաւորութիւններու կատարած «կաֆ»երը, որ վայրկեանի մը համար մարդ կրնայ մտածել, թէ քաղաքական այսինչ կամ այնինչ պատասխանատուն ինչպէ՞ս եւ մանաւանդ ինչու՞ նման բան կը կատարէ:

Կայ նաեւ այն վարկածը, որ մամլոյ ներկայացուցիչներ (այս պարագային մանաւանդ գրաւոր մամուլի, որովհետեւ հեռուստացոյցի վրայ նման բան կարելի չէ) սխալ կը մեկնաբանեն ու կը տպեն քաղակական պատասխանատուի մը ըսածը կամ ըսածները: Սակայն, նախագահ Սարգսեանի պարագային նման դիւրիմացութիւն չկայ ու կը մնայ ըսել որ ան կամ կանխամտածուած կերպով ըսաւ իր ըսածը, կամ ալ քաղաքական «կաֆ» մը ըրաւ: Եթէ պատահածը վերջինն էր, նախագահը այդ կարաելի էր դարմանել յստակ ելոյթով մը: Երբ նման բան ցարդ չէ կատարուած, ու անոր փոխարեն հարցի մասին միայն «թոյլ» բացատրութիւններ կը հրապարակուին նախագահի գրասենեակէն, ուրեմն սա կը նշանակէ որ ըսուածը ճիշդ է եւ նախագահը կը կրէ իր ըսածին ամբողջական պատասխանատուութիւնը:

Հիմա գանք հարցի միւս երեսին, որ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման կը վերաբերի: Նախագահ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ ըսած էր, որ միայն յարաբերութեանց նորմալացումէն (իմա դիւանագիտական յարաբերութիւններու ստեղծումէն) ետք է, որ հայ եւ թուրք պատմաբաններ կրնան յանձնաժողովի մը միջոցաւ քննել երկու ժողովուրդներու միջեւ խնդրայարոյց եղող հարցերը: Նախագահական գրասենեակը փորձեց բացատրել, որ նախագահի ակնարկութիւնը դիւանագիտական յարաբերութեանց գոյացման կարեւորութիւնը շեշտելն էր եւ թէ անկէ ետք կարելի պիտի ըլլար յառաջացնել յանձնաժողով մը, որ ոչ թէ պատմական իրղութիւններով պիտի զբաղուէր, այլ պիտի կանոնաւորեր երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններն ու քաղաքական այլ հարցերը:

Կը կարծեմ, որ նախագահի գրասենեակի այս բացատրութիւնը եւս տեղին չէր, մանաւանդ որ բոլորին յստակ էր, որ նախագահի կատարած յայտարարութեան բովանդակութիւնը նման դիւանագիտական ու քաղաքական բնոյթի յանձնաժողովի մը յառաջացման չէր վերաբերեր, այլ ուղղակի պատմաբաններու յանձնաժողովի մը որ կրնար քննել Ցեղասպանութեան վերաբերող հարցեր: Հայկական կառավարութիւնը պատրաստ էր այս բոլորը զոհել՝ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու բնականոնացման բագինին վրայ:

Սխալ չհասկցուինք, Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծելու եւ բնականոն դարձնելու հարցը հրամայական մըն էր Հայաստանի անկախացումէն ի վեր: Կը հասկնանք որ Ղարաբաղեան Հարցին պատճառաւ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը տնտեսական խոր խնդիրներ ստեղծելէ անկախ կը սպառնար ու տակաւին կը սպառնայ Հայաստանի ազգային ապահովութեան: Չենք կռնար նաեւ մոռնալ, որ այս շրջափակումը մարդկային ինչ վնասներ պատճառեց շրջափակեալ Հայաստանին, անոր անկախութեան առաջին տարիներուն: Հայաստան նոյնիսկ ամբողջովին անտեսուեցաը ազերի իւղը Թուրքիոիյ վրայով Ճիհունի գազամուղէն: Եթէ այսօր Հայաստանը կարողացաւ մասամբ լուծել այդ շրջափակման հետեւանքները այդ կարողացաւ ընել Վրասատանի վրայով ապրանքներու ներածման սուղ մաքսային հարկեր վճարելով, Ռուսիոյ հեր ապրանքներու ներածման ոդային ուղի ստեղծելով, ու մանաւանդ Իրանի վրայով ապրանքներ ստանալով: Հետեւաբար, ողչմիտ կը գտնենք Հայաստանի կառավարութեան թրքական շրջափակումը վերացնելու դիւանագիտական բոլոր աշխատանքները: բայց, անոր գինը Հայկական ցեղասպանութեան իրաւացիուիւնը չի կրնար ըլլալ:

Հայաաստանի նախագահին խօսուն օրինակներ պէտք է ծառայէին հայեւթուրք յարաբերութեանց ստեղծման զարդ նախաձեռնուած բոլոր փորձերը, ներառնելով տխրահռչակ TARK-ի կատակերգութիւնը:

Հայաստանի կառավարութիւնը լաւ պէտք է գիտնայ, որ հայ ժողովուրդը տակաւին պատրաստ չէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը խնդրայարոյց դարձնող որեւէ փորձի առաջ տեղի տալու: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է կարողանայ Թորքիոյ պետական այրերուն յստակացնել, որ բարի դրացիական կապերը կարեւոր ենմանաւանդ Թուրքիոյ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դժուարին բանակցութիւնն եր կը վարէ:

Չմոռնանք նաեւ որ Հայկական Ցեղասպանութիւնե Հայաստանի սահմանադրութեամբ իսկ նուիրականացած իրողութիւն է:

Հայաստանի նախագահին խրատ կամ խորհուրդ տալու հաւակնութիւնը չունիմ: Պարզապէս կ'ուզեմ ըսէլ, որ հայեւթուրք յարաբերութեանց քաղաքական համակարգի մը յառաջացման կարեւորութիւնը արդէն իսկ խիստ կարեւոր ու կենսական դարձած է: Երկու երկիրներու ազգային խումբերու խաղերուն գծով Թուրքիոյ նախագահին Հայաստան հրաւիրելը միջազգային հանրային կարծիքին առջեւ շատ դրական իրականութիւն կրնայ ըլլալ: Նման թաքթիքային ձեռնարկութիւններ կարեւոր են, սակայն չեն կրնար ստրաթեկիայի վերածուիլ:

Վերջապէս, Հայաստանի նախագահին կը մնայ սրբագրել իր յայտարարութեամբ յառաջացուցած խնդիրը: Սակայն, նաեւ իրեն ու իր կառավարութեան ու մանաւանդ խորհրդականներուն կը մնայ հաւասարէ հաւասար բանակցիր թրքական կողմին հետ, մանաւանդ որ Թուրքիան ներկայիս պէսպիսի ներքին խնդիրներ կը դիմագրաւէ ու Անոր կառավարութիւնը, որուն գոյութիւնն իսկ խնդրոյ առարկայ է զինք ներկայացնող կուսակցութեան դէմ բացուած դատին հետեւանքով, շատ հաւանաբար կարիքը ունի Հայաստանի հետ բարի դրացիութիւն յառաջացնելու, իր միժազգային «իմէճ»ին փայլք տալու եւ շրջանէն ներս իբրեւ բարի օրինակ ծառայելու համար, ինչպէս որ կը փորձէ կատարել Իսրայէլ-Սուրիա բանակցութեանց իր ստանձնած միջնորդութեամբ: Նման կացութեան մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծելու հայկական դիւնագիտութիւնը պէտք է բաւականին ճկուն ըլլայ, բայց ոչ այդքան ճկուն՝ որ այդ յարաբերութեանց գոյացման դիմաց Հայկական Հարցի ու հայութեան նորաստեղծ հայրենիքին ազգային ապահովութեան սպառնայ: Թող մայս գծով մօտիկ անցեալի դասերը ուսանելի ելլայ մեր պետութեան ղեկավարութեան:

No comments: