Saturday, August 2, 2008

Լիբանանեան Ներքին Ճակատի Վերջին Բռնկումի Ծալքերը

Անցեալ շաբաթ, երբ Իսրայէլի մասին յօդուածս կը գրէի, մտադրած էի այս շաբթուան սիւնակս յատկացնել Լիբանանին: Հոն պիտի ըսէի, որ քաղաքական թէ ապահովական մարզերու թէտերու չախչախիչ մեծամասնութիւնը այն կարծիքին են, որ Լիբանան խաղաղ ու բարեբեր Ամառ մը պիտի ունենայ եւ զբօսաշրջիկային մարզէն եկած դրամը պիդի օգնէ, որ երկրի տնտեսութիւնը բարելաւուի:

Ի՜նչ տարբերութիւն կ'ընէ մէկ շաբաթը: Շ՜ատ: Լիբանանը, աւելի ճիշդ Պէյրութը, բռնկեցաւ: Տակաւի'ն յստակ չէ թէ այս բռնկումը ժամանակաւոր է թէ երկարատեւ: Թէեւ միջազգային ու շրջանային զանազան ուժեր կը փորձեն հանդարտութիւնը վերահաստատել հոն, բայց կացութիւնը ցարդ լարուած կը մնայ եւ ապագինման յոյսերը ճղճիմ:

Ի՞նչ պատահեցաւ այս մէկ շաբթուան ընկացքին, որ կացութիւնը թաւաքլոր գնաց հոն: Մակերեսային պատճառները կը վերաբերին Սինիորայի կարավարութեան կայացուցած զոյգ ոորոշումներուն, որոնք կ'աղերսուին դէպի հարաւ Հըզպալլայի նետած հեռաձայնային կապերուն եւ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի շրջաբակէն ներս նոյն կազմակերպութեան զետեղած «կարծեցեալ» քամերաներուն:

Ի՞նչ էր պատճառը, որ Հըզպալլա այսքան արագ շարժեցաւ Պէյրութը գրաւելու իր քայլին մէջ: Պատճառը դէպի հարաւ նետուած կապակցութեան քապլերու հարցը քննարկելու եւ զայն ստուքելու կառավարութեան վերջին որոշումը չէր, որովհետեւ այդ Հըզպալլայի ապահովութեան այդքան արագ կերպով սպառնացող տուեալ չէր կրնար ըլլալ, մանաւանդ որ հարցի քննութիւնն ու հետապնդումը ամիսներու եւ նոյնիսկ տարիներու պիտի կարօտէր:

Կը մնայ օդակայանի շրջաբակէն ներս քամերաներու հարցին վերաբերող որոշումը, որ Հըզպալլայի համար «ուղտին մէջքը կտրող» հարցի վերածուեցաւ եւ ան իր կատարածովը անուղղակի կերպով փաստեց, թէ Ուալիտ Ճոմպլաթի այս մասին վերջին քանի մը օրերուն կատարած հրապարակային ամբաստանութիւնները ի զուր չէին:

Իսկ ինչո՞ւ այս հարցը այդքան կարեւոր էր Հըզպալլայի համար: բանից դուրս կու գայ որ կազմակերպութիւնը այդ սարքերուն միջոցաւ իսկական հակակշիրռ կը բանեցներ ոչ միայն օդակայանին, այլեւ մայրաքաղաք Պէյրութին վրայ, այն աստիճան, որ կառավարութեան որոշումը իր ապահովութիւնը հարուածող ակդ նկատելով՝ Հըզպալլա գնաց մինչեւ իսկ կացութիւնը պայթեցնելու, իբրեւ պատեհ առիթ օգտագործելով Բանուորական Սենտիքաներու Միացեալ Յանձնաջողովին կողմէ յայտարարուած գործադուլն ու այդ առթիւ կազմակերպուած ցոյցերը:

Հիմա որ կացութիւնը լարուած կը մնայ Պէյրութի մէջ, միջազգային ու շրջանային հիմնական ուժերը, որոնք ամիսներով ձգձգումի քաղաքականութիւն կը վարէին լիբանանեան տագնապի լուծման գծով, անմիջապէս ահազանքի ենթարկուեցան՝ կացութիւնը դարմանելու եւ զայն երկարատեւ խաժամուժի չվերածելու համար:

Հոս պէտք է կարգ մը կէտեր ընդգծուին:

Այն ինչ որ Ամերիկայի կողմէ Իրաքի գրաւումով մէջտեղ եկաւ իբրեւ հնամենի բայց դարերով հսկուած հարց՝ Իսլամներու միջեւ Սիւննի-Շիի հակամարտութիւնը միշտ զսպուած պահելը, այսօր առաջին անքամ ըլլալով իսկական փորձաքարի կ'ենդարկուի Պէյրութի փողոցներուն մէջ: Այս կարեւոր հանգամանք է, նկատի ունենալով որ կան կողմեր, որոք կ'ուզեն նախահամ մը ունենալ այս մասին: Այս պատճառաւ է նաեւ, որ հարիւրաւոր «խելացիներ» կը փորձեն ու պիտի ամեն ջանք ի գործ դնեն այս կրակը մարելու, լաւապէս իրազէկ ըլլալով որ անոր շարունակումը իսկական աղէտ մը կը սպառնայ Միջին Արեւելքին:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի կողմէ կացութիւնը ձեռք առնելու խնդիրը եւս մտահոգութիւն կը պատճառէ, մանաւանդ ի նկատի ունենալով այն պարագան, որ քաղաքացիական պատերազմէ դուրս եկած լիբանանեան բոլոր կողմերը կը գիտակցին որ մայրիներու հայրենիքէն ներս ներքին հարցերը մէկ կողմի յաղթանակով չեն կրնար լուծուիլ:

Եթէ Հըզպալլա այս գիտակցութիւնը ունի, եւ մենք կասկած չունինք որ ան տարիներու ընթացքին նման գիտակցութիւն ունենալու բոլոր նշանները տուած է, ապա ինչպէ՞ս բացատրել պատահածը: Արդեօ՞ք վերը նշած մեր հարցերը «իր զէնքը դէպի երկրին ներսը չուղղելու» խոստումը յարգող կազմակերպութիւնը դրաւ «դանակը ոսկորին հասաւ»ի կացութեան մը մէջ, որուն հետեւանքով ան կատարեց այնինչ՝ որ կը խոստանար երբէք չկատարել: Հանելուկը տակաւին նոր է եւ անոր լուծումը որոշ ժամանակի ու լուսաբանութիւններու կը կարօտի:

Իսկ եթէ Հըզպալլայի (ու մասամբ Ամալի) այս փորձը վերջին ժամանակներուն գրեթէ սարած լիբանանեան թնճուկին վրայ ուշադրութիւն սեւերելու կը միտի, ապա ինչպէս բացատրել իր առած քայլին պատճառաւ շրջանային ու միջազգային չափանիշերով իր կորսնցուցած քաղաքական վարկը: Այլ խօսքով, տարիներու ընթացքին իր քաղաքական վարկի պահպանումը իբրեւ գերխնդիր նկատող Հըզպալլան ինչպէ՞ս այսպէս դիւրին թակարդին մէջ ինկաւ ու առանց հիմնական փոխարենի վաճարեց իր ձեռքին ունեցած կարեւոր խաղաքարտերը:

Իմ կարծիքովս Հըզպալլայի կատարածը աւանդուրիստական բան չէ: Կը կարծեմ որ ան այլեւս հասած է հոն, ուր պիտի փորձէ Լիբանանը «գրաւել», որուհետեւ խաղաքարտերու խառնուածքը միայն այդ ձգած է իրեն:

Կը յուսամ որ ապագան զիս սխալ գտնէ...

No comments: