Saturday, August 2, 2008

ՈՒՍԱՆԵԼԻ ԴԱՍԵՐ... ՔԱԹԱՐԷՆ

Այս շաբաթ կ'ուզեմ ընթերցողս վայրկեան մը դուրս բերել վերջին ժամանակաշրջանի գրած նիւթերուս ոլորտէն ու խօսիլ հարցի մը մասին, որ ալիքներ կը յառաջացնէ Միջին Արեւելքի քաղաքական իրականութեան մէջ:

Գրեթէ ծանօթ իրականութիւն է, որ Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան հսկաները արաբական կողմէն Սէուտական Արապիան ու Եգիպտոսն են: Մէկը իր դրամով, իսկ միւսը՝ իր ժողովուրդին թիւով: Միւս կողմէ, կան նաեւ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի նման ոչ արաբական շրջանային մեծ ուժեր, առաջինը հարուստ նաւթով ու ժողովուրդի թիւովի, երկրորդը՝ ժողովուրդի թիւով, իսկ երրորդը՝ տարածքով ու ժողովուրդի թիւով փոքռ, բայց արտաքին օժանդակութեամբ, հսկայական ճարտարարուեսրով ու զինական կարողութիւններով հզօր նկատուող ուժեր:

Հոս պէտք է նաեէ շեշտել թէ ժամանակէ ջամանակ աւելի փոքռ ուժեր, ինջպիսին են Սուրիան ու Իրաքը, մասամբ յաջող եւ մասամբ անյաջող փորձեր կատարած են հսկաներու «քլապ»ին մաս կազմելու:

Անշուշտ ընթերցողը իրաւունք ունի հարց տալու թէ վերեւի «քլապ»ի այս բնութագրումը որքանո՞վ իրականութեան կը համապատասխանէ այսօր, մանաւանդ որ Ամերիկայի Իրաքի միջոցաւ շրջանէն ներս հաստատուիլը մեծապէս ազդած է այս շրջանային հսկաներու անցեալին ցուցաբերած կարողականութեան վրայ եւ շրջանէն ներս ժամանակին հաստատուած հաւասարակշռութիւնը, մինչեւ ցնոր տնօրինութիւն, խախտած կը մնայ:

Բայց վայրկեանի մը համար ընդունինք այն բնութագրումը, որուն համաձայն Միջին Արեւելքի վերջին քանի մը տասնամեակներու քաղաքականութիւնը ընթհանրապէս որոշուած է կամ տակաւին կ'որոշուի այս շրջանային հսկաներու միջոցաւ, անշուշտ ի նկատի ունենալով որ անոնք այդ կարելիութեան տէր դարձած էին կամ տակաւին են՝ գերպիտութիւններու եւ Արեւմուտքի հետ անոնց իրականացուցած սերտ յարաբերութիւններով, իրենց «ծանռութեամբ» մնացեալ պետութիւններուն ներուն պարդադրած իրենց ցուցմունքներով, ինչպէս նաեւ՝ դիւանագիտական :

Սակայն, վերջին հանգրուանին այս հսկաներու «քլապ»ին միացած է տարածքով ու ժողովուրդի քանակով համեմատած փոքռ պետութիւն մը՝ որ իր քաղաքական ու դիւանագիտական ճկունութեամբ սկսած է նոր ալիքներ յառաջացնել Միջին Արեւելեան իրականութենէն ներս: Այս երկիրը Ծոցի (ձեզ կը ձգեմ զայն Պարսկական կամ Արաբական կոչելու հարցը) փոքռ երկիրներէն մէկը ըլլալով հանդերձ, կարողացած է քաղաքական նոր «նմոյշ» մը ստեղծել, որ զինք շրջանի քաղաքական ու դիւանագիտական կարեւոր առանցքի վերածած է:

Ընթերցողը պէտք է կարդացած ըլլայ թէ վերջին հանգրուանին Քաթար ի՞նչ կարեւոր դեր ունեցաւ Լիբանանաեան թնճուկի լուծման մէջ: Այն ինչ որ Սէուտական Արապիան ու Եգիպտոսը, իրենց ետին ունենալով Արաբական Լիկան ու անոր կարողականութիւնը, չկրցան իրագործել այսպէս կոչուած «Լիբանանի հանար Արաբական Նախաձեռնութիւն»ը, Քաթարն ու անոր իշխանը կարողացան հարցը լուծման ընթացքի մէջ դնել Մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կազմակերպուած Լիբանանաեան Խորհրդաժողովով:

Վերջերս նաեւ քաղաքական դէտեր սկսած են արտայայտուիլ Պաղեստինեան թնճուկի գծով լուծումի մը հասնելու հարցը եւս Քաթարին յանձնելու մասին:

Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը իր շրջանային ու համաշխարհային դիւանագիտական «իմէճ»ը բարելաւելու նպատակով Սուրիա-Իսրայէլ անուղղակի բանակցութիւններուն նախաձեռնողը եղաւ ու այդպիսով մասամբ օգտակար հանդիսացաւ Սուրիոյ հանդէպ այսպէս կոչուած ամերիկեան մեկուսացման քաղաքականութեան մէջ ճեղք մը գոյացնելու, այդ կատարեց իր ոչ արաբ շրջանային ուժ ըլլալուն եւ Իսրայէլի, իսկ վերջին տարիներուն Սուրիոյ, իր հետ ունեցած դիւանագիտական կապերու ամրապնդման միջոցաւ:

Անդին, Քաթար, փոքռ արաբ երկիր մը, կարողացաւ արաբական աշխարհէն ներս հարցեր լուծելու (կամ չլուծելու) մենաշնորհը ունեցող Սէուտական Արաբիայէն ու Եգիպտոսէն խլել այդ մենաշնորհը եւ այսպիսով սկիզբ մը յառաջացուց քաղաքական նոր դրուածքի մը, որ կարող է մեծ փոփոխութիւններ յառաջացնել շրջանին մէջ:

Հիմա խօսինք այն մասին թէ ի՞նչ հիմքերու կը յենի Քաթարեան այս նոր քաղաքականռդիւանագիտական դրուածքը:

Իր քարիւղի շտաեմարաններուն պատճառաւ Ծոցի շրջանը միշտ ալ կարեւոր դեր ունեցած է միջազգային քաղաքականութեան մէջ: Անոր ապահովութիւնը հիմնական հարց է Ամերիկային ու արեւմուտքին համար: Այն աստիճանին, որ գերպետութիւններ վարանած չեն իրենց զինուորական մկանները նշմարելի դարձնել անոր ջուրերուն մէջ: Կը բաւէ ակնարկել վերջերս Իրանի կողմէ ծոցը փակելու վտանքին դիմաց (եթէ նման վտանք իրականութիւն է թէ երեւակայական) ամերիկեան ու եւրոպական նաւատորմերու կողմէ հոն կատարուած ուժի ցուցադրութեան:

Քաթարը ծոցի արաբական կողմը եզերող Քուէյթի, Արաբական Էմիրութեանց եւ շարք մը քաիւղով հարուստ արաբական փոքռ երկիրներու ղարքին գտնուող Երկիր մըն է: Մինջ վերջին տասնամեակին այս փոքռ երկիրները տնտեսական հսկայական յառաջացումներ կ'արձանագրեն ու քարիւղի գիներու բարձրացման արդիւնքով (կամ հետեւանքով) յաւելեալ գումարներ կը ներդրեն իրենց ապագայ վերելքին համար, Քաթար այդ բոլորէն անդին կ'անցնի ու հարստութեան կողքին ինքզինքին իր կարողութիւններէն անդին շրջանային ու միջազգային դիւանագիտական ու քաղաքական վարկ կ'ապահովէ:

Այս գղով քանի մը հաստատումներ կատարենք.-

Քաթար իր հողերուն վրայ կը պահէ շրջանի ամենամեծ ամերիկեան խարիսխը:
Ամերիկայի շրջանային բանակի ղեկավարութիւնը Քաթարի մէջ կը գտնուի:
Քաթար տէրն է ու իր հողին վրայ կը բանեցնէ «Ալ Ճազիրա» արաբական լրատուկան կայանը (որ վերջերս նաեւ արձակեց իր անգլերէն լրատուական բաժինը), որ որոշ չափով հակաամերիկեան լրատուութիւն կը սփռէ:
Քաթար իսկապէս յատուկ հաւասարակշռութիւն կը պահէ շրջանէն ներս իրար հակասող ուժերուն մ իջեւ: Ան մէկ կողմէ բարեկամն ու դաշնակիցն է Ամերիկային ու Եւրոպային, ինչպէս նաեւ շրջանային հսկաներ՝ Սէուտական Արաբիոյ ու Եգիպտոսի, իսկ միւս կողմէ յարգանքի կ'արժանանայ Իրանի եւ Սուրիոյ կողմէ:
Քաթար այն արաբական երկիրներէն է, որ դիւանագիտական կապեր ունի Իսրայէլի հետ:

Ինչպէ՞ս բացատրել Քաթարի այս «ֆենոմեն»ը:

Վերջերս, Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզիի հրաւէրով կայացաւ Միջերկրական Ծովը եզերող երկիրներու համագործակցուդեան վեհաժողովը: Հոն էին զանազան երկիրներու նախագահները եւ Սարքոզի, Ֆրանսայի անկախութեան տօնին առէնդեր առիդը ապահովեց նախ ֆրանսական դիւանագիտութեան ու իր անձնական «իմէճ»ին զարկ տալու, լիբանանեան ու պաղեստինեան հարցերու լուծման գործընթացը ամրագրելու, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիա-Իսրայլ բանակցութեանց յարատեւումը ապահովելու:

Այս հաւաքին զարմանալի երեւոյթներէն մին էր Յորդանանի նման երկրի մը (որ Միջերկրականի եզրէն այնքան ալ հեռու չի գտնուիր) ներկայացուցիչին, այս պարագային թագաւորին, բացակայութիւնը:

Սակայն հարցին աւելի զարմանալի իրողութիւնը այն էր, որ հոն կը գտնուէր Միջերկրական Ծովէն շատ ու շատ հեռու գտնուող Քաթարի իշխանը:

Տակաւի'ն շատ երկար կարելի է խօսիլ Քաթարի շղթայազերծած դիւանագիտական ու քաղաքական իսկապէս հիանալի գործընթացին մասին: Կարելի է նաեւ երկար խօսիլ այն մասին, թէ Քաթար այն երկիրներէն է, որու կառավարութիւնը ինքնաքննադատման ճամբով կը փորձէ իսկական ժողովրդավարութիւն մը հիմնել շրջանի մը մէջ, ուր նման բան երեւակայական կը թուի ըլլալ: Կրնանք նաեւ երկար խօսիլ այն մասին, թէ Քաթարի ժողովուրդը իր կառավարութեան ներքին քաղաքականութեան արդիւնքով շրջանի ամենէն բարոր ժողովուրդներէն է, չ'ըսելու համար ամենեն բարորը: Սակայն, այս հարցերը երկրորդական են Քաթարի արտաքին յարաբերութեանց մարզէն ներս արձանագրած դիւանագիտական յառաջխաղացքին:

Հետեւաբար, ուսանելի շատ դասեր ունինք քաղելիք Քաթարէն...

No comments: