Saturday, August 9, 2008

Վրաստանի Յարձակոական Աքտը Սպառնալիք Է Հայութեան

Եւ կացութեան վատդարացումը սկսաւ Հարաւային Ոսէթիոյ անկախ հանրապետութեան վրայ Վրաստանի անակնկալ յարձակումով: Ժամանակ մը առաջ գրած էինք, որ յետ Փետրուարի ընտրութիւններուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցած խլրտումները վտանգաւոր են՝ նկատի ունենալով որ անոնք խնդրոյ արարկայ կը դարձնեն Հայաստանի ապահովութիւնը: Ըսինք նաեւ, որ կ'ապրինք վտանգաւոր շրջանի ու ժամանակաշրջանի մը մէջ, որովհետեւ Ուքրանիան ու Վրաաստանը կը փորձէին, ու տակաւին կը փորձեն, մաս կազմել ՆԱԹՕ-ի ուխտին, ինչ որ հիմնական վտանգ կը սպառնայ Ռուսիոյ ապահովութեան, մանաւանդ որ Ամերիկա կը փորձէր, ու տակաւին ետ կեցած չէ Ռուսիոյ դէմ հրդիրային կազմածներ զետեղել Արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Միւս կողմէ, Ատրպէյճանը ժամանակէ մը ի վեր թշնամական յայտարարութիւններով կը հոխորտայ Արցախին ու Հայաստանին: Եթէ նոյնիսկ Հայ-Թրքական յարաբերութեանց մէջ նորաձեւութիւն մը մտցնելու նախագահ Սարգսեանի փորձը Ապահովական իմաստով «դրական» ակդ կը նկատուի, Վրաստանի այս վերջին քայլը այդ եւս կրնայ խանգարել:

Այս բոլորը ըսինք լաւ գիտնալով որ Հայաստանի ապահովութեան վատդարաձումը իր ժխտական անդրադարձը ունի Արցախի ու Ճավախքի համար:

Հիմա որ Վրաստան զինուորական գործողութիէններու անցաւ Հարաւային Օսէթեան «ծունկի բերել»ու եւ իր գերիշխանութիւնը հոն վերահաստատելու, Իսկ նախագահ Սահակաշվիլի զինակոչ յայտարարեց, կացութիւնը վտանգաւորէն անցաւ պայթուցիկի եւ նոյնիսկ ահաւորի:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ ձեռնածալ չմնալու յայտարարութիւնը եւ վրացական հարցակումի ենթակայ Օսէթիային բոլոր միջոցներով օգնութեան հասնելու վճրականութիւնը Կովկասը անքամ մը եւս ապահովական ծանռ ու խիստ վտանգաւոր կացութեան կը մատնէ: Ռուսական ուժեր արդէն գետնի վրայ հոն են եւ խաշաղապահ դերակատարութիւն ստանձնած են: Սակայն վրացական ռմբակոծումները արդէն իսկ մարդկային վնասներ պատճառած են ռուս զինուորներու շարքերուն մէջ: Այս արդէն բաւարար է, որ Ռուսիա ուժգին կեցուածք մը որդեգրէ Վրաստանի դէմ, որպէսզի այդ միջոցաւ նաեւ խօսք հասկցնէ անոր արեւմտեան ու ամերիկեան դաշնակիցներուն:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Հարաւային Օսէթիան Վրաստանի միակ անկախամէտ շրջանը չէ: Իրականութեան մէջ, ան չափով աւելի փոքռ է քան Աբխազիան, որ Խորհրդային Միութեան բլուզման արդիւնքով Օսէթիոյ հետ անջատուելով իր անկախութիւնը յայտարարեց Վրաստանէն:

Վրաստանի տարանջատման վտանգը իսկական է Սահակաշվիլիի համար: Ան լաւ կը գիտակցի, որ եթէ չկարողանայ Վրաստանի կազմէն ն երս բերել անջատողական այս երկու շրջանները, Վրաստանը իբրեւ ինքնորոյն երկիր կրնայ կորսուիլ: Այսուհետեւ, գիտնալով վրաստանի ռազմական ուժն ու տնտեսական կարողութիւնը, հարց կը տրուի թէ ան ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս նման արկածախնդրութեան կը ձեռնարկէ, մանաւանդ նկատի ունենալով որ կը դիմագրաւէ Ռուսիոյ նման հսկայ ուժի մը զինուորական ցասումը: Ռուսիա արդէն յայտարարած է, որ ռուս զինուորներու մահուան պատճառ հանդիսացող կողմը խստօրէն պիտի պատժուի:

Ի՞նչ են նման կացութեան մը մէջ Հայաստանին, Արցախին եւ Ճավախքին դիմագրաւած վտանգները.-

Ատրպէյճան ատենէ մը ի վեր կը սպառնայ զինուորական գործողութեանց անցնիլ Ղարաբաղը վերագրաւելու համար: Տեսանք, թէ Ատրպէյճան ինչպէ՞ս օգտագործեց Երեւանի մէջ Մարտին տեղի ունեցած իշխանութեան դէմ ցոյցերը: Արցախի ճակատին վրայ ճեղք մը բանալու համար: Թէեւ հայկական պաշտպանողական դիրքերը ամուր կը մնան այս վտանգին դիմաց, սակայն կարելի է, որ Հոկտեմբերին նախագահական ընտրութիւններու պատրաստուող Ալիեւ արկածախնդրական քայլերու դիմէ իր ընտրողական պազան ամրացնելու, մանաւանդ որ ան խիստ կարիքը ունի նման բանի:
Այս պայթումին դիմաց ձեռնածալ պիտի չմնան Թուրքիան ու Վրաստանի Արեւմուտքի դաշնակիցներն ու մանաւանդ Ամերիկան, որոնք Վրաստանը Ռուսիոյ դէմ իրենց առաջնակարգ դիրքը կը նկատեն: Վերջապէս, Սահակաշվիլիի վարչակարգը այս ուժերուն կողմէ գունաւոր յեղափոխութեամբ եկած իշխանութիւն մըն է եւ իր առած յարձակողական այս քայլին նկատմամբ վստահաբար խորհրդակցած է անոնց հետ:

Այս յարձակումէն ետք Վրաստան աւելի թշնամական պիտի մօտենայ Ճավախքի նկատմամաբ: Հետեւաբար, այն բոլոր փորձերը, որոնք հոն ապրող հայութեան կեանքի բարելաւման եւ, ինչու չէ, շրջանի ինքնիշխան դառնալուն կը վերաբերէին, յառաջիկայ հանգրուանին պիտի բաղխին վրացական անդրդուելի դիմադրութեան: Շատ հաւանական է նաեւ, որ յայտարարուած
զորակոչին պատճառով Վրաստան ստիպողական վիճակ յայտարարէ երկրէն ներս ու կասեցնէ խաղախական ու քաղաքացիական ազատութիւնները, ինչ որ շեշտակի խնդիրի պիտի վերածուի առանձ այդ ալ խտրութեան թիրախ եղող ճավախքահայութեան համար: Պարզապէս նկատի ունենանք այն պարագան, որ իբրեւ Վրաստանի քաղաքացիներ, ճավախքահայութիւնը պիտի ստիպուի զորակոչի մը ներքեւ իր զաւակները պատերազմի ճակատ ղրկելու եւ զոհելու:

Կացութիւնը բաւականին վտանգաւոր է: չենք գիտեր թէ յառաջիկայ օրերը ի՞նչ նորութուններ պիտի բերեն եւ ի՞նչ շրջանային ու միջազգային կացութիւններ պիտի ստեղծեն:

Հայութեան կը մնայ աչալուրջ եւ զգաստ ըլլալ: Պէտք է լաւ մտածել եւ մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնել՝ Կովկասի մէջ ստեղծուած ու տակաւին ստեղծուելիք այս վտանգաւոր կացութիւններէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու:

No comments: