Thursday, August 21, 2008

ԱՄՆ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ՝ «Պաղ Պատերազմ»ի Ու «Ազդեցութեան Գօտիներ»ու Ուրուականի Վերադարձը

Մէկ կողմէն Վրաստանի Հարաւային Օսէթիոյ վրայ յարձակումով ու անոր դէմ Ռուսաստանի ծաւալած հակահարձակողական ընթացքով վտանգաւոր աստիճանի հասած կովկասեան թնճուկը, իսկ միւս կողմէն, անցնող Չորեքշաբթի օր Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւիոյ մէջ ԱՄՆ-ի եւ Լեհաստանի միջեւ ստորագրուած հրդիրային «Պաշտպանողական Վահան»ի համաձայնագիրը, կարծէք թէ աշխարհը ետ կը տանին խորհրդային օրերու երկբեւեռ ժամանակաշրջանի «Պաղ Պատերազմ»ի ու այսպէս կոչուած «Ազդեցութեան Գօտիներ»ու երբեմնի իրավիճակին:

Հազիւ թէ պայթիւնները լրեցին Կովկասի մէջ, Վրաստանի հարցով «վիրաւորուած» Միացեալ Նահանգները կացութիւնը դեժացուց Լեհաստանի հետ փոխադարձ ապահովութեան ու զինուորական ոժանդակութեան համաձայնագիրը կնքելով:

Ասոր փոխարեն Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Մետվետեւի հետ հանդիպում ունեցած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց, որ կողմերը բաւական յառաջացած են վերաբանալուՍուրիոյ միջերկրական ծովեզերեայ Թարթուս քաղաքին խորհրդային օրերուն գոյութիւն ունեցող ռազմական նաւահանգիստը, որու հիմամբ Ռուսաստան իր նաւատորմը կրնայ Սեւ Ծովէն Միջերկրական Ծով փոխադրել՝ Ուքրանական ժխտական կեցուածքին հետեւանքով:

Աւելին, Ռուսաստանի ու Սուրիոյ նախագահներու հանդիպումին մօտիկ աղբիւրներ նաեւ յայտնեցին, որ Ռուսիա համաձայնած է Սուրիան օժտել հակաօդային եւ հակահրասայլային հրդիրներով, ինչպէս անեւ քննուած է Սուրիոյ մէջ Ամերիկայի Լեհաստանի մէջ զետեղած «Պաշտպանողական Վահան»ի օրինակով վահան մը զետեղել:

Այս նորութիւնները եթէ բան մը կը նշանակեն, այդ ալ այն է, որ կացութիւնը կը վերադառնայ խորհրդային օրերու երկբեւեռ ժամանակաշրջանի «Պաղ Պատերազմ»ի ու այսպէս կոչուած «Ազդեցութեան Գօտիներ»ու երբեմնի իրավիճակին:

Ռուսաստանի ու Սուրիոյ նախագահներու յայտարարութիւններուն առաջին հակադարձողը եղաւ Իսրայէլի արտաքին նախարարը, որ թէըւ նշեց, որ իր երկիրը կը գիտակցի Ռուսաստանի նման պետութեան մը միժազգային շահերուն, սակայն աւելցուց, որէ նման «վահան»ի մը Սուրիոյ մէջ զետեղումը հիմնովին կը փոխէ Միջին Արեւելքի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը եւ կե սպառնայ շրջանի ապահովութեան:

Արդիօ՞ք ԱՄՆ.ի առած քայլերը Ռուսաստանի Կողմէ Վրաստանի Օսէթիոյ վրայ կատարած հարձակումին դէմ հակազդեցութիւն է, թէ երկու կողմերը (իմա՝ ԱՄՆ եւ Ռոպւսաստան) արդէն իսկ նախապէս նման ծրագիրներ ծրագրած էին:

Անքամ մը եւս կը շեշտենք, որ մեծպետական ազգային ղահերու հետապնդումը դէպքի մը հակազդեցութեան իմաստով տեղի չունենար, այլ նախապէս ծրագրուաԾ ԿԸԼԼԱՅ: Հետեւաբար, բանականութիւնը ենդադրել կու տայ, որ երկու գերպետութիւններն ալ իրենց «Plan B” ները պատրաստ ունէին:

Հետեւաբար, նկատի ունենալով որ Վրաստան նախայարձակն էր, հարց կը տրուի թէ կացութիւնը դեժացնող կողմը ԱՄՆ-ն էր, որովհետեւ Վրաստան անոր ցուցմունքներով կ'առաջնորդուի: Իսկ ինչո՞ւ ԱՄՆ-ի կողմէ Ռուսաստանը ջղաքրքիր դարձնելու այս ընթացքը: Հարց կը տրուի նաեւ, որ ԱՄՆ այս կացութեան հասնելու գծով որքանո՞վ իրախզէկ դարձուցած էր Երոպայի ու ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցները:

Իր վարչակարքի վերջին օրերուն Իրաքի ու Աֆղանիստանի հարցերուն վրայ միջազգային նման վտանգաւոր կացութիւններ յառաջացնող Պուշի վարչակարգը, ըստ երեւոյթին, միջազգային աւելի բարդ ու վտանգաւոր կացութիւն մը ժառանք կ'ուզէ ձգել իր յաջորդին: Եթէ այդ յաջորդը Մըքէյնը ըլլայ, ան պիտի ողջունէ կացութիւնը եւ, հետեւաբար, աշխարհը պիտի ստիպուիէ չորս տարի եւս վտանգաւոր կացութիւններ ապրելու ու զանոնք լուծել փորձելու:

Միւս կողմէ, խոհրդային վարչակարգի բլուզումէն ի վեր ընդհանրապէս լուր մնացած Ռուսաստանը արդէն իսկ ԱՄՆ-ը հակակղռելու նախանշաններ ցոյց կու տայ: Աւելին, ան ոչ միայն Իրանի հիւլէական հարցին գծով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն ներս իր վէթոն գործածելու պիտի միտի, այլ նոյնիսկկ Իրանը պիտի ներգրաւէ Սուրիոյ հետ իր ստեղծած «Պաղտպանողական Վահան»ին: Այլ խօսքով, Ժուսաստան իր ազդեցութեան գօտին պիտի տարածէ Միջին Արեւելքի մէջ եւ անկարելի չէ, որ իր նաւատորմիղը կայք հաստատէ Միջերկրականէն ետք Ծոցի ջուրերուն մէջ:

Մեզի, հայութեան համար, կացութիւնը պաղ ջիղեր կը պահանջէ: Հայաստան ռազմական ու ապահովական իմաստով համաձայնագիր է Ռուսաստանին: Հետեւաբար, յառաջիկայ հանգրուանին մեր քաղաքական մտածողութեան ու ռազմավարական վերլուծումին հիմնական առանցքը ապագայի միջազգային պղտոր ջուրերուն մէջ մեր երկրի ապահոպվութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովող դիավարութեան տուեալները յայտնաբերելը պէդք է ըլլայ:

No comments: