Saturday, September 6, 2008

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏԻ ՄԸ ՓՆՏՐՏՈՒՔԻ ՈՒՂԻՈՎ՝

Կիւլի Երեւան Այցելութիւնն ու Հ.Յ.Դ.ի Սկզբունքային Կեցուածքը

Հայ շրջանակներու մօտ հարցադրումներ զարգացած են այն մասին, որ արդիօ՞ք նախագահ Սարգսեան ճիշդ քայլ առաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլա Կիւլը Երեւան հրաւիրելով: Նոյն շրջանակներուն մօտ նաեւ նշմարելի է որոշ վրդովում, որ ՀՅԴ-ն ինչո՞ւ բացարցակ, ակներեւ եւ ուժական հայեցակետ չէ ճշդած այս այցելութեան հակազդելու համար: Այս վրդովումը նկատելի համեմատութեամբ զգացական է: Բայց եւ այնպէս անպատասխան կարելի չէ թողուլ զայն եւ հարկաւոր է կացութիւնը քաղաքական, քննական պրիսմակէ անցնել:

Այս գրութեան դրդապատճարը Սարգսեանի քաղախականութիւնը պաշտպանելը չէ: Արդէն քաղաքական դէտերու բացայայտումները յստակացուցած են, որ Սարգսեանի Մոսկովեան յայտարարութիւնն ու Կիւլին հրաւէր ուղղելը կապուած են քաղաքական մեծապետական խրդին հասկացութիւններու, որոնց միտք բանին Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու բացումն է, որը իբրեւ նախամուտ պիտի ծառայէ հայեւթուրք հարցի կնճրոտ ու հաստաբոր պատին վրայ ճեղք մը բանալու եւ այդ ճեղքէն մուտք գործելով՝ հարցի «լուծման» կամ նոյնիսկ աղավաղման նոր առիթներ ու կարելիութիւններ ստեղծելու: Աւելի'ն, Վրաստանի կացութեան ու անոր հետեւանքով չբանող քարիւղատարի մէկ այլ տարբերակը Հայաստանի վրայով դէպի Էրզրում հասցնելու իսկական առիթ կայ մեծապետական քաղաքական մտածողութեանց մէջ: Ասոր ի տես՝ որոշ ագահութիւն նշմարելի է սահմաններով ծովազուրկ Հայաստանի նախագահի շրջանակներուն մօտ, ինչ որ աւելի ախորժակաբեր կը դարձնէ առնուազն Թուրքիոյ հետ սահմանները բանալու Սարգսեանի առաջարկը: Միւս կողմէ կայ նաեւ թրքական մօտեցումի դրդապատճառը, որուն հիմամբ Հայաստանի հետ սահմանները բանալու հարցը ուղղակի կապուած է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան միանալու կենսահարցին: Հետեւաբար, եկէ'ք եւ դուք դատաւորը եղէ'ք այն բանին, թէ Կիւլի Երեւան այցը որո՞նց ջրաղացին մէջ ջուր լեցնելու կը ծառայէ:

Գրութեան պատճարը հետազօտել ու քննելն է, որ արդիօ՞ք ՀՅԴ-ի այս գծով բռնած ուղղին, զոր աւելի պիտի մանրամասնենք վարը, քաղաքական մոմենտը ճիշտ գնահատելով, Հայ Դատի հետապնդման գծով կուսակցութեան տասնամեակներ շարունակ որդեգրած սկզբունքային առաջադրանքներէն շեղում կատարելու փորձ մըն է՞ կամ չէ:

Երբ այս յօդուածը տպուի «Ասպարէզ»ի այսօրուան թիւին մէջ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլա Կիւլի «Հայաստան-Թուրքիա» ֆութպոլի խաղը դիտելու համար Երեւան այցելութիւնը կրնայ ըլլալ իր աւարտին հասած ըլլայ: Չենք կրնար առ այժմ կրահել՝ թէ այդ այցելութիւնը ինչպէ՞ս պիտի անցնի, կամ ժողովրդային ի՞նչ հակազդեցութեան առիթ պիտի տայ, կամ չտայ: Ինչ որ գիտենք այն է, որ Հայաստանի նախագահ Սերճ Սարգսեան մեծ կարեւորութիւն կու տայ այցելութեան եւ արդէն իսկ յայտարարած է, որ այցելութիւնը խանգարելու որեւէ փորձ՝ իր վարչակարգին դէմ ուղղուած քայլ պիտի նկատէ: Հետաքրքրական է նաեւ որ ամիսներէ ի վեր Սարգսեանի նեմեսիսը եղող Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ամբողջովին Սարգսեանի կողմնակից է այցելութեան առթիւ: Տարբեր ալ կրնա՞ր ըլլալ Տէր Պետրէոսեանի կեցուածքը, երբ ան իր իշխանութեան որով ջատագովն էր հայ-թրքական յարաբերութեանց բարելաւման, ի գին ազգային պահանջատիրութեան, որը ըստ Հայաստանի առաջին նախագահին «կեղծ կադակորյա» էր:

Վերադառնանք նիւթին: Երբ հայեւթրքական յարաբերութիւնները վերսկսելու համար Սարգսեան իր առաջին յայտարարութիւնները կատարեց Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին, օրին այս սիւնակով սխալ գտանք իր այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն Հայաստան պատրաստ է նոյնիսկ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան քննարկման գծով պատմաբաններու յանձնաժողով մը յառաջացնելու: նախագահի պալատէն բացատրութիւն տրուեցաւ թէ մամուլը սխալ ըմբռնած էր նախագահի յայտարարութիւնը, օրին այդ բացատրութեան արձագանքը եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի Կեդրոնական Գրասենեակի վարիչ՝ Կիրօ Մանոյանէն (իմա՝ Բիւրոյի խօսնակ-ԿՄ), երբ Յունիս 29-ին «Ազատութիւն» Ձայնասբիւռէն իր ունեցած մէկ ելոյթի ընթացքին ըսաւ.-

«Հայաստանի նախագահի արտայայտած (հայեւթուրք-ԿՄ) համաձայնութիւնը մէկ այլ ձեւի յանձնախմբի մասին է, որ ոչ թէ Թուրքիայի առաջարկածը պիտի քննէր, որ ցեծասպանութիւն եղել է կամ չի եղել, Հայաստանի նախագահի համաձայնածը ցեղասպանութեան մասին չէ, որ պիտի լինի, այլ կարող է ցեղասպանութեան տարբեր մանրամասնութիւնների մասին լինել»:

Պէտք է հոս ընդգծել սակայն, որ բաղաքշականէ անդին չէր անցներ հարցազրոյցէն ժամանակ մը առաջ Մանոյանի Armenian Reporter անգլերէն շաբաթաթերթի թղթակիցի հարցումին տուած «դիւանագիտական» մէկ պատասխանը, ըստ որուն, նախագահին՝

«ակնյայտօրէն վատ խորհուրդ են տուել հայ-թուրքական յանձնաժողովի հետ կապուած հարցով»:

Մինոյեան նաեւ աւելցուցած է, որ.-

«Մեր մօտեցումը այն է, որ ամէն դէպքում, նման յայտարարութեան կարիք չկար, որպէսզի այս շփոթը չյառաջանայ եւ մենք ընդունինք, որ նաեւ արգործնախարարե ինչպէս յայտարարեց, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաջման խնդիրը մնում է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգում:»

Այլ խօսքով, ՀՅԴ-ն, յանձինս իր Բիւրոյին, արդէն այս գծով հարցադրում կատարած էր նախագահին մօտ եւ անկէ պատասխան ստացած այն գծով, որ նախագահը, ինչպէս նաեւ արգործնախարարը, հայեւթուրք յարաբերութեանց իրենց նոր մշակուած քաղաքական հայեցակէտին մէջ երբէք խնդրոյ առարկայ չեն դարձներ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը, կամ այդ գծով զիչումի չեն երթար:

Իբրեւ Հայկական Հարց հետապնդող հիմնական ուժ, ՀՅԴ-ն պէտք էր նախագահէն նման բացատրութիւն ստանար, նկատի ունենալով որ Ցեղասպանութեան ճանաչման, Հատուցումին, եւ Հողային պահանջատիրութեան սկզբունքները կուսացութեան ծրագրային սկզբունկային ու ռազմավարական անփոփոխ կէտերէն ըլլալով հանդերձ, անոնք նոյնպէս ամրագրուած են նորանկախ Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ Ազգային Ապահովութեան համակարգին մէջ եւ մեր հայրենիքին գոյութեան իմաստն (reson d’etre) ու ազգային ապահովութեան կայացման կը վերաբերին:

Ուրեմն, ՀՅԴ-ին համար այս խիստ կարեւոր հարց էր, մանաւանդ որ ան Սարգսեանի յառաջացուցած քոալիսիոն կառավարութեան մաս կազմած էր այն յստակ համոզումով, որ Հայկական Հարցի հետապնդման եւ մանաւանդ հայեւթուրք յարաբերութեանց նոր ոլորտներու յառաջացման մէջ՝ նախագահը անպայմանօրէն այդ հարցերը պիտի անցներ կառավարութեան եւ, այդ իսկ միջոցաւ, ՀՅԴ-ի քննարկման բովէն:

Երբ Մանոյեանի հարց տրուած է այն մասին, որ հայ ժողովուրդը ի՞նչպէս կրնայ հակազդել Կիւլի այցելութեանւ, ան պատասխանած է ըսելով.-

«...իր (նախագահի-ԿՄ) հրաւիրելուն դէմ չենք, եթէ ինքն է հրաւիրում, բայց կարծում են նաեւ, որ առնուազն մէկ մասը մեր հասարակութեան, Թուրքիայի նախագահը, եթէ պատահի որ Երեւան այցելի, իր վրդովմունքն էլ կ'արտայայտի: Պարզ է, քաղաքակիրթ եղանակով:»

Եթէ լաւ կը յիշենք դէպքերու ընթացքը, Կիւլ երկար ժամանակ անպատասխան ձգեց Սարգսեանի հրաւէրը եւ միայն քանի մը օր առաջ համաձայնեցաւ Երեւան գալու: Թերեւս Թուրքիոյ նախագահին պատասխանը ուշացնելը ապահովական պատճարներով էր: Սակայն նոյնիսկ եթէ ան բացասականով պատասխանէր, այդ պատճար չէր կրնար ըլլալ, որ քաղաքական կուսակցութիւն մը, այս պարագային ՀՅԴ-ն, այսպէս կոչուած «սպասման օրեր»ուն հայեցակէտ մը չճշդեր այդ ուղղութեամբ: Սակայն արդիո՞ք այդ էր կացութիւնը ՀՅԴ-ի պարագային: Պատասխանը անքամ մը եւս կու գայ Մանոյեանէն, երբ ան նոյն հարցազրոյցի ընթացքին կտրուկ եւ ուժական կերպով կ'ըսէ.-

«Մենք այժմ գործընթաց ենք սկսել՝ ուղղակիօրէն նախագահից պահանջելով բացատրութիւններ ու ճշգրտումներ իր արտայայտութիւնների առընչութեամբ, որովհետեւ սա յստակ շեղում է թէ' նախկին նախագահ Քոչարեանի, թէ' գործող վարչակազմի (իմա՝ Քոալիցիոն կառավարութեան-ԿՄ) մինչ այժմ որդեգրած դիրքորոշումներից: Վերջերս (նախագահի-ԿՄ) արտայայտած դիրքորոշումն անընդունելի է մեզ համար»:

Եթէ նկատի ունենանք Մանոյեանի պատասխանը երբ իրեն հարց տրուած է, որ «Դաշնակցութիւնը ցոյցեր կամ բողոքի այլ ելոյթներ կրնա՞յ կազմակերպել», ան պատասխանած է, ըսելով.-

«Չենք որոշել, որ չենք անելու, ոչ էլ որոշել ենք , որ անելու ենք...բայց եթէ Թուրքիայի նախագահը այս պայմաններում համաձայնի գալ Երեւան, վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդն էլ իր տեսաքէտը կ'արտայայտի Թուրքիայի նախագահի նկատմամբ»:

Մանոյեանի պատասխանը կարդացող որեւէ քաղաքական դէտ պիտի եզրակացնէ, որ ան այս հարցին մօտեցած է պահանջուած դիւանագիտութեամբ: Ինչո՞ւ խաղաքարտերդ բանալ, երբ այցելութեան հարցը դեր եւս յստակ չէ: Բայց պատասխանին մէջ կայ նաեւ այն տուեալը, որ հայ ժողովուրդը չի կրնար նման այցի կապակցութեամբ բացթողում կատարել եւ «իր տեսակէտը կ'արտայայտի»: Իսկ ժողովուրդն ինչպէ՞ս կարտայայտէ իր տեսակէտը, եթէ այդ համակարգուած ու ծրագրուած չըլլայ կազմակերպիչ քաղաքական ուժի մը կողմէ: Աւելի'ն, նկատի ունենալով որ այսպէս կոչուած «Տէր Պետրոսեանական ընդդիմութիւնը» արդէն համաձայն է նախագահ Սարգսեանի յղած այցի հրաւէրին, Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-էն բացի ո՞ր քաղաքական ուժն է, որ սկզբունքային կեցուածքով նման արտայայտութիւն պիտի դրսեւորէ:

Հոս կայ շատ կարեւոր հանգամանք մը, որ պէտք է ընդգծուի: Վերջին տասնամեակին եւ պայմաններու բերումով քաղաքական գործի նետուած
ՀՅԴ-ն քոալիցիոնի անդամ ըլլալով հանդերձ որոշ հարցերու ու քաղաքական հայեցակէտերու պարագային չէ վարանած իր սկզբունքային հակառակութիւնը արտայայտելու, եթէ այդ հարցերն ու հայեցակէտերը կուսակցութեան որդեգրած համահայկական սկզբունքներուն դէմ են կամ զանոնք վտանքի կրնան ենթարկել: Այդպէս էր պարագան նախագահ Քոչարեանի իշխանութեան օրով ու այդպէս ալ կը շարունակուի այսօր:

Ահավասիկ, Կիւլի այցելութեան պարագան այն հարցերու շարքին է, ուր ՀՅԴ.ն, Սարգսեանի վարչակարգին մաս կազմելով հանդերձ, իր ինքնորոյն միջոցներով կը հակազդէ անոր: Բայց հակազդեցութիւնը ոչ թէ կամայական յ ու արտարոց, այլ զուսպ, կշռուած ու քաղաքական հասունութիւն ցուցաբերող:

Հետեւաբար, երբ Կիւլի ինքնադիրը Զուարդնոց Օդակայան վայրէջք կատարէ, հոնկէ մինչեւ Հրազդան Մարզաւան դէմ հանդիման պիտի գտնուի Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուած ու Հայ Դատի ամբողջական հետապնդումով սկզբունքային ու անշեղ կեցուածք ցուցաբերող ՀՅԴ-ին ու շատ հաւանաբար այդ նոյն սկզբունքայնութեան հաւատացող ու անոր հաւատարիմ մնացող հայ Մասային:

ՀՅԴ-ն գիտակից է իր առաքելութեան ու քաղաքական մոմընտը լաւ սերտելով կ'ընէ, այն ինչ որ իր պատմական ժառանքը կը թելադրէ: Կը մնայ, որ նախագահ Սարգսեան ու իր վարչակարգը անկեղծ ու հաստատ մնան Հայկական Ցեղասպանութենէն ու անկէ բխած Հայ Դատէն ոչ մէկ գնով չզիջելու իրենց կատարած խոստումներէն:

No comments: