Thursday, August 14, 2008

ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԱՇՒԻԼԻԻ ՕՐԻՆԱԿՈՎ՝ «Բարեկամ եւ Դաշնակից»ի Ոդիսականը...

Քաղաքական դէտեր տարբեր մեկնաբանութիւններ տուին Վրաստանի կողմէ Հարաւային Օսէթիոյ վրայ յարձակումին: Պէտք է ըսել, որ հարցը ինքնին անբացատրելի կը թուի: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել Սահակաշւիլիի արկածախնդրական քայլը, երբ նոյնիսկ պարզ մարդու մը հասկացողութեամբ ըրածը խելաքարութեան նման բան մըն է:

Անցնող շաբթուան մեր սիւնակով ընդգծեցինք որ նախագահ Սահակաշւիլի նման քայլի դիմելու համար անպայման որ տեղէ մը «կանաչ լոյս» ստացած պէտք է ըլլար եւ ըսինք, որ այս պարագային այդ միմիայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կրնար գալ: Արդեօ՞ք այդպէս էր, թէ եղածը պարզապէս Սահակաշւիլիի արկածախնդրական մէկ սադրանքն էր, որով ան կը միտէր աշխարհին ցոյց տալ Ռուսիոյ ճնղումներուն հետեւանքով իր ու իր երկրին դիմագրաւած նեղ կացութիւնը եւ, թէկուզ վտանքելով իր երկրի ապահովութիւնը, առիթ մը կ'ուզէր ստեղծել՝ ԱՊՀ-էն դուրս գալու եւ ՆԱԹՕյին միանալով այդ ապահովութիւնը վերահաստատելու:

Նման հարցերու պարագային այնքան ալ դիւրին չէ իրականութիւնը հաստատել: Այսուհանդերձ, հետաքրքրական էր նշմարել, որ ամերիկայի նախագահին կողմէ Ռուսիոյ նկատմամբ արձակուած խիստ խօսքերուն զուգահեռ, ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատու մը կը յայտարարեր, որ նման պայմաններու տակ Ամերիկա նպատակ չունի զինուորապէս Վրաստանի օժանդակութեան բութալ: Իսկ ինչպէ՞ս բացատրել նման բան:

«Բարեկամ Ու Դաշնակից»

Առաջին հերթին ընդգծենք, որ Լիբանանի մէջ Մայիսի 7-ին Ամերիկայի «բարեկամ ու դաշնակից» նկատուող «Մարտ 14»ի ղեկավարներուն դէմ Հըզպալլայի շղթայազերծած եւ լրատուական միջոցներով այսպէս կոչուած «Պէյրութի գրաւում»էն ետք, Վրաստանին խօսքէ բացի այլ միջոցաւ օգնութեան չհասնելու Ամերիկայի կեցուածքը՝ արդէն իսկ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Ամերիկային բարեկամ ու դաշնակից ըլլալու հանգամանքը: «Բարեկամ ու դաշնակից» հասկացութիւնը ջակերտեցինք, որովհետեւ մեզի մտաբերել կու տայ երբեմնի Հռոմէական Կայսրութեան որդեգրած ասութաձեւը իր «արբանեակ» երկիրներուն նկատմամբ: Սակայն, դէպքերը կը փաստէն, որ Ամերիկան, նախագահ Պուշի վարչակարգի վերջաւորութեան, ոչ թէ պատրաստ չէ իր բարեկամներուն ու դաշնակիցներուն պաշտպանելու, այլ նոյնիսկ զանոնք միայնակ կը ձքէ պատերազմի դաշտին վրայ:

Հաշուէյարդար

Հիմա վերադառնանք Սահակաշւիլիին: Ան շատ բան կորսնցուց իր արկածախնդիր քայլով: Այսօր, պատերազմական գործողութիւններու սկսելէն շաբակ մը ետք, թէեւ զինադուլ մը հաստատուած է, բայց անոր կայունութիւնը տակաւի'ն խնդրոյ առարկայ կը մնայ: Վրաստանի Օսէթիոյ եւ Աբխազիոյ ճակատներուն վրայ կորսնցուցած հողամասերը, կրած աւերածութիւնն ու երկրի դիմագրաւած ընկերային ու տնտեսական տագնապները նախ կը սպառնան Սահակաշւիլի իշխանութեան եւ իր երկրին ազգային ապահովութեան: Այլ խօսքով, իր երազած յաղթանակին փոխարեն Սահակաշւիլի ստացաւ ցաւցնող պարտութիւն եւ անկայուն վիճակ, մանաւանդ եթէ ի նկատի ունենաք այն, որ ռուսական զօրքեր այսօր պատերազմական գործողութեանց սկսելէն ետք հաւելեալ վրացական հողեր գրաւած կը մնան եւ անոնցմէ դիւրին կերպով հեռանալու տրամադիր չեն:

Սահակաշւիլի կը պնդէ, որ ռուսական «պատասխան»ը եթէ բան մը ցոյց կու տայ, այդ ալ այն է՝ որ Վրաստանը տրոհելու ծրագիրը պատրաստած էր նախքան Վրաստանի կողմէ Հարաւային Օսէթիոյ վրայ յարձակումը: Ան այս իմաստով հարց կու տայ, թէ ռուսական զօրքերը ինչո՞ւ վնաս պատճառեցին Պաքու-Ճէյճան նաւթատար խողովակին, երբ այդ խողովակը զինուորական նշանակութիւն չունի: Սահակաշւիլի կամ տակաւի'ն խելաքարուած է, կամ ալ իսկապէս հասկացութեան հարց ունի, մանաւանդ որ Ռուսիա բազմիցս դժգոհած էր այդ նաւթամուղէն չօգտուելու իրականութենէն: Տակաւին, հակարակորդին տնտեսական հիմնական կրուանները թիրախ դարձնելը ռազմավարական բնական երեւոյթ կը նկատուի: Բայց, ըստ երեւոյթին, ապշած Սահակաշւիլի մը այս տարրական հարցերն իսկ չի կրնար էմբռնել:

Թրքական «Անկիւն»ը

Նաւթամուղի հարցը լաւապէս օգտագործեց Թուրքիան, որուն վարչապետը՝ Էրտողան, այդ անկիւնէն անուղակի կերպով մուտք գործեց տագնապին մէջ եւ հաշտարարի նոր առաքելութիւն մը ստանձնեց:

Սակայն, պէտք է յստակ ըլլայ բոլորիս, որ Էրտողանի նպատակը դիւանագիտական նոր յաղթանակ արձանագրելը չէ, մանաւանդ որ քարիւղատարի անգործ մնալը օրական $300,000 ի վնաս կը պատճառէ անոր (պէտք չէ մոռնալ նաւե այն պարագան որ քարիւղատարի Վրաստանի մէջ բանելէ դադրելէն առաջ, անոր թրքական բաժնին մէջ ՓՔՔի կողմէ որդեգրուած պայթումը զայն ժամանակաւոր կերպով բանելէ դուրս բերած էր: Պէտք չէ նաւե մտահան ընել Իրանի նախագահ Ահմատինառաթի օրերս Թուրքիա կատարած այցելութիւնը, որուն հիմնական թղթածրարը նաւթի ծառաւ Թուրքիոյ այդ նիւթի կարիքներու ապահովումն է):

Նոր «Սէ՞յմ»

Թրքական դիւանագիտական իսկական ճարպիկութիւնը անցնող Հինգշաբթի օր Թիլիս այցելող Էրտողանի ներկայացուցած այսպէս կոչուած «Կովկասեան Միութիւն» մը յառաջացնելու առաջադրանքն է: Էստ նախապէս Թուրքիոյ մէջ յայտարարածին ու զայն Թիֆլիսի մէջ կրկնելուն, Էրտողան կ'ակնկալէ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատել՝ Կովկասի շրջանի երկիրներու (ներարեալ Ռուսաստանի եւ, ինչու չէ՝ Թուրքիոյ) միութեամբ մը: Այսինքն նոր «Սէյմ» մը:

Հետաքրքրական առաջադրանք, բայց արկածախնդրական բնոյթով: Ինչո՞ւ. որովհետեւ բանից դուրս կու գայ, որ Թուրքիա, որ շրջանէն ներս իր դիրքը ամրապնդող դիւանագիտական արշաւի ձեռնարկած է (տեսնել մեր նախորդ սիւնակները) այս «Սէյմ»ին միջոցաւ կը փորձէ իր շրջանային դերը ընթարցակել Կովկասի մէջ եւս եւ խօսք ունենալ անոր երկիրներուն միջյարաբերութեանց մէջ: Կարծէք Ռուսաստան այնքան ալ միամիտ ըլլայ նման բան չհոտոտալու համար:

Ռուսաստանի Դիրքը

Այս բոլոր խաժամուժին մէջ Ռուսաստան փաստէց, որ շրջանի հիմնական ուժն է եւ կրնայ այդ դերը իրագործել իր զինուորական ուժին միջոցաւ: Անոր նախագահը՝ Մետւետեւ, նախ յստակացուց որ ռուսական բանակի Վրաստան ներդաբանցումը վրացական ուժերու կողմէ Հարաւային Օսէթիոյ մէջ կատարուած էթնիկ մաքրագործումն ու ռուսական խաղաղապահ ուժերու անդամներուն սպաննութիւններն են:

Մետւետեւ աւելի հեռու գնաց Սահակաշւիլին պատերազմի ոճրագործ անուանելով: Ան նաեւ յայտարարեց, որ պիտի չջանայ Սահակաշւիլին պաշտօնանկ ընելու, սակայն անոր խրատեց, որ աւելի լաւ կ'ըլլայ եթէ ան հրաժարի: Այս բոլորը կը նշանակեն, որ Մետւետեւ իր բոլոր քայլերը համադրեց՝ ինքզինք իբրեւ Վրաստանի արկածախնդրութեան հետեւանքով յառաջացած անկայուն կացութիւնը դարմանելու եւ այդ իմաստով իր քայլերը համադրեց Եւրոպայի հետ:
Եւրոպական Նախանձախնդրութիւն

Եւրոպական Նախանձախնդրութիւն

Թէեւ Ամերիկա իր արտգործ նախարար Ռայսի թիֆլիս այցելութեամբ պիտի փորձէ իր գերպետական ծանռութիւնը փաստել, սակայն Ռուսիա դիւանագիտական լուռջ աշխատանքով հարցը փոխադրեց եւրոպական թատերաբեմ ու այդպիսով Ամերիկան դուրս կը ձքէ խաղէն:

Ինչպէ՞ս պատահեցաւ այս: Ռուսիա առաջնահերթութիւնը տուաւ ֆրանսական դիւանագիտական առաջադրանքներուն, երբ ընդունեց Ֆրանսայի արտգործ նախարար Քուշնէրը, որ հիմնական դեր ունեցաւ Վրաստանի զինադադարի ստորագրութեան մէջ: Ամերիկա այս բոլորին մէջ դիտողի դերին մէջ մնաց:

Տակաւի'ն, Ռուսաստան նաեւ դիւանագիտական նոր յառաջխաղած արձանագրեց, երբ զինադադարի ստորագրութեան իրաւունք տուաւ Հարաւային Օսէթիոյ եէ Աբխազիոյ նախագահներուն, ինչ որ երկու տարածքներն ալ միջազգային դիւանագիտական ոլորտ փոխադրեց եւ նոր կարելիութիւններ բացաւ անոնց վերջնական անկախութեան (կամ հանրաքուէներով որոշուած այլ կացութեան) համար:

Եզրափակում

Այս բոլոր վերլուծումներով հանդերձ Կովկասէն ներս խաղաղութեան վերահաստատումը ստորագրուած զինադադարով պիտի չիրականանայ: Կացութիւնը յղի կը մնայ: Զինուորական գործողութեանց վերսկսումը աւելի քան հաւանական է (ըստ վերջին լուրերուն կռիւները դեր աւարտած չեն եւ կը շարունակուին առնուազն Վրաստանի Կորի քաղաքի շուրջ):

Անքամ մը եւս կը մնայ շեշտել, որ Այս կացութիւնը մտահոգիչ է Հայութեան համար: Առաջնահերթ վտանքը կը սպառնայ Ջաւախքին: Աջալուրջ պէտք է ըլլալ նաեւ ղարաբաղեան եակատին վրայ եւ երբեք չմտածել, որ Վրաստանի արկածախնդրութեան հետեւանքով Ատրպէյճան յարձակողական առաջադրանքէն հրառարած է:

Կարեւոր էին Հայաստանի կառավարական պատասխանատուներուն կողմէ կատարուած միասնականութեան կոչերը: Բայց աւելի կարեւոր է նման բան լսել պատնէշի միւս կողմէն, նկատի ունենալով որ ներքին որեւէ խլրտում իր բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ մեր երկրին ու ռողովուրդին ապահովութեան նկատմամբ:

No comments: