Saturday, August 2, 2008

«Առասպել» Իսրայէլը...

Քանի մը օրէն (իրականութեան մէջ, Մայիս 14-ին) Իսրայէլ 60 տարեկան պիտի ըլլայ: Այս գրութիւնը Իսրայէլի 60 ամեայ պատմութեան անդրադարձ մը չէ սակայն: Մեզի համար կարեւորը Իսրայէլի «առասպել»ին վերլուծումն է: Այս կ'ընենք այն պատճառաւ, որ անհայրենիք, բայց սփիւռք ունեցող ազգեր ընդհանրապէս, եւ հայեր մասնաւորապէս, միշտ նախանձելի հիացմունքով դիտած են Իսրայէլի ու անոր սփիւռքին իրագործումները, այն աստիճան, որ անոնք առասպելի վերածուած են մեր մտահոգեւորական ոլորտին մէջ:

Հայաստանի վերանկախացման 17-րդ տարեդարձի սեմին, կ'արժէ րոպէ մը կանգ առնել ու հասկնալ, կամ աւելի ճիշդ՝ փորձել բացատրել, թէ այս առասպելը իսկակա՞ն է թէ շինծու: Իսկ թէ ինչո՞ւ առասպել բառը կը գործածենք Իսրայելը բնութագրելու համար, այդ ալ կախեալ է այն իրողութենէն, որ տասնամեակներ շարունակ զայն դիտած ենք իբրեւ իր լոպիի ազդեցութեամբ աշխարհին «տիրապետած» մէկ ուժ, որ երբ մկանները լարէ՝ կրնայ քաղաքական, ռազմական կամ այլ բնագաւառի վերաբերող անկարելին կարելի ընել:

Բայց արդեօ՞ք Իսրայէլի այս «անխորտակելի» ուժը իրականութիւն է: Արդեօ՞ք կարելի է այս «առասպելը» բանական կերպով վերլուծել եւ ի պահանջեալ հարկին՝ զայն նսեմացնել ու Գողիաթը անտեսելով անոր մէջ փոքր Դաւիթը տեսնել: Այո՝ կարելի է եւ այդ պիտի կատարենք կարգ մը վերլուծական հաստատումներու ընդմէջէն:

Իսրայէլը 60 տարեկան է բայց իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին թշնամիներով պատուած ու պատերազմական վիճակի մէջ գտնուած է, կը գտնուի, եւ պիտի շարունակէ գտնուիլ՝ մինչեւ այն ատեն որ Պաղեստինեան Հարց մը գոյութիւն ունի: Կարելի՞ է երեւակայել թէ ինչ դժուարին կացութիւն մըն է սա, որ տասնամեակներու ընթացքին մարդկային ու նիւթական իմաստով որքան թանկ արժած է Միջին Արեւելքի այսպէս կոչուած «միակ» ժողովրդավարութեան:

Իսկ եթէ համենանք, որ Իսրայէլ ժողովրդավարութիւն մըն է, հապա ինչպէ՞ս բացատրել անոր ժողովուրդին մէկ հինգերորդը կազմող արաբ քաղաքացիներու նկատմամբ տիրող քաղաքական, կենցաղային ու տնտեսական խտրականութիւնը, որ երթալով կը հիւծէ զայն եւ կը սպառնայ անոր ապահովութեան, երբ իրականութեան մէջ իսրայելացիներու աճը անհամեմատ նուազ է քան իր արաբ բնակչութեան աճը: Տակաւի'ն ինչպէ՞ս բացատրել այս ժողովրդավարութեան ներքին քաղաքական կեանքի թփրտումները, որոնք ի երես կու գան մեծ կուսակցութիւններու անհետացումով ու անոնց տեղ փոքր նորերու ստեղծմամբ, որը իսկապէս կը դժուարացնէ ապագայ քոալիսիոն կառավարութեանց կազմութեան հարցը, երբ երկիրը միշտ կարիքը ունեցած է նման հրամայականներու:

Իսկ եթէ պիտի խօսինք Իսրայէլի ազգային ապահովութեան մասին, արդեօք ինչպէ՞ս կը բացատրուի 2006-ի ամռան Հըզպալլայի նման «կերիլլայական» խմբակցութեան մը դէմ անոր շղթայազերծած նոր պատերազմը, որ առաջին անգամ ըլլալով բացայայտեց անոր ռազմական անակարողութիւնը ի հաչս Շիի խմբակցութեան: Հետաքրքրական է, որ կարգ մը արաբ բանակներ խորտակելով 1967-ի պատերազմին ու անկէ ետք 1973-ի պատերազմին արդիւնքով շրջանային ռազմական հիմնական ուժի «առասպել»ը կերտած Իսրայէլը այսօր արդէն սպառած է իր այդ նախկին դրամագլուխը: Հետեւաբար, եթէ արաբեւիսրայէլեան, կամ աւելի ճիշդ՝ պաղեստինեւիսրաելեան խաղաղութիւն մը մօտալուտ չըլլայ, ապա ապագան շուարածութեամբ յղի կը մնայ Իսրայէլի ազգային ապահովութեան տեսակէտէն: Հոս կ'արժէ նշել միայն, որ Հրէական Ողջակիզման արդիւնքով յառաջացած իսրայէլեան անկախութիւնը հրեայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութեան կռուանը հանդիսանալու հանկերգը այլեւս ջլատուած է, մանաւանդ որ երկար ժամանակ իր ֆիզիքական ապահովութիւնը պատճառաբանելով աշխարհի ողորմութիւնը հայցող «ընտրեալ» ազգը, նման բան անկարող է դարձեալ հայցելու, նկատի ունենալով որ ինք այլոց (այս պարագային պաղեստինցիներու եւ ինչու չէ Հարաւային Լիբանանի շիիներու) ֆիզիքական ապահովութեան կը սպառնայ:

Հոս հարց կը տրուի թէ Իսրայէլի ապահովութիւնը իսկապէս որեւէ ժամանակ բնաւ խնդրոյ առարկայ դարձա՞ծ է: Կը կարծեմ ոչ. Ողջակիզումէն ետք աշխարհացրիւ հրեաներու թիւի երկու երրորդէն քիչ մը աւելին (8 միլիոնէն գրեթէ 6.2-ը կորսնցուցած Զայոնիստները վախի ու քաղաքական հմտութեան խառնուրդով մը մէջտեղ բերին այն վարկածը, որ հրէական անկախ պետութիւն մը միակ երաշխիքն է հրեաներու ֆիզիքական ապահովութեան: 1948-ին Ազգերու Լիկային կողմէ իր հռչակումէն ի վեր, հրեական պետութիւնը երբէք ֆիզիքական կորուստի ենթակայ չէ եղած: Նոյնիսկ 1973-ի պատերազմի ամենադաժան պահուն, երբ արաբական բանակները ճնշումի տակ դրին Իսրայէլը, ֆիզիքական ամբողջական հաշուեյարթարի հարց չկար: Հրեաները ծուվուն մէջ խեղդամահ ընելու արաբական (ու ներկայիս իրանեան) վտանգը ոչ մէկ ատեն իրականութիւն չէր ու չի ալ կրնար ըլլալ: Այդ հարցը սակայն լաւագոյնս օգտագործուեցաւ ու տակաւին կ'օգտագործուի Իսրայէլի կողմէ՝ հրեաներու հայրենիքին եզակի երեւոյթ շնորհելու համար (իմա՝ Իսրայէլի կեցուածքը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման տեսակէտէն): Այս գծով պէտք չունինք նոյնիսկ անդրադառնալու որ վերջին ժամանակաշրջանի հրեաները ծուվուն մէջ խեղդամահ ընելու Համասի ու Հըզպալլայի (նոյնիսկ Ահմատինաճաթի) յայտարարութիւնները քարոզչականէն անդին չեն անցնիր, մանաւանդ որ բոլոր ցուցանիշերը կը յանքին անոր, որ խնդրի լուծումը փոխզիջումային փաթեթի մը կը կարօտի:


Իրանի ադոմական զէնք ունենալու հարցը եւ անոր ոլորտները արդէն ծանօթ են ընթերցողին: Կ'արժէ նշել սակայն, որ Իսրայէլ անգամ մը եւս այդ մէկը կը կապէ իր ֆիզիքական ապահովութեան, երբ ինք արդէն քանի մը տասնամեակէ ի վեր Միջին Արեւելքի միակ ադոմական ուժն է: Իսրայէլացի պատասխանատուներ բնաւ չեն անդրադառնար այս հարցին, բայց հետաքրքրականը այն է , որ երկրի ընդդիմադիր ղեկավար Պէնկամին Նաթանիահօ ելոյթի մը ընթացքին կը յայտարարէ, որ «1938-ն կը կրկնուի, միայն թէ Իրանը նոր Գերմանիան է»: Այս ծիծաղելի յայտարարութիւնը բառացուցական է իսրայէլեան երբեմնի ճարպիկութեան, որ այսօր այլեւս դիւրաւ կարելի էր մարդոց «կոկորդէն իջեցնել»: Տակաւի'ն, նոյնիսկ եթէ պահ մը ենթադրենք որ Իրան կարողացաւ ունենալ ադոմական զէնք, արդեօ՞ք այս պարագային «Պաղ Պատերազմ»ի կանխարգիլման կշիռը (Balance of Deterrence and Second Strike Capabilities) ուսանելի երեւոյթ չէ՞:

Եթէ Իսրայէլի 60-ամեայ պատմութիւնը բան մը ցոյց կու տայ, այն ալ այն է որ հրեական պետութիւնը երբէք իսկական անկախութեան տէր երկիր չէ եղած: Այսօր ալ, ան տակաւի'ն կը մնայ Արեւմուտքի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէկ դրածոն, որքան որ ալ ըլլան մարդիկ, որոնք կը կասկածին թէ Իսրայէլն ու հրեաները բոլորին «գնած ու իրենց գրպանը դրած» են: Այս իրողութեան վերջին ապացոյցը Լիբանաի դէմ Իսրայէլի մղած պատերազմն էր, որ արդէն իսկ ծանօթ է իբրեւ «ամերիկեան ապսպրանք»: Դեռ ի՞նչ խօսք՝ անկախ ու գերիշխան պետութեան մասին: Խնդրեմ ըսէք, ինչպէ՞ս կարելի է նման երկիր մը առասպելի վերածել:

Այս բոլորէն ետք, արդեօ՞ք մեր մտքին մէջ կասկած կայ այդ մասին, թէ մեզ համար Կովկասեան ու Միջին Արեւելեան չափանիշերով շրջանային հիմնական ուժի մէկ այլ «առասպել» նկատուող Թուրքիան, Իսրայէլի հանդէպ մեր ունեցած նոյն հոգեմտաւոր խառնուածքի հիմունքներով պէ՞տք է այդպէս բնութագրենք: Այս մասին յաջորդիւ:

Տուփիկ

Իսրայէլ թէրեւս աշխարհի միակ երկիրն է, որ իր կազմութենէն ի վեր առանց գրաւոր սահմանադրութեան կը գործէ:

Եթէ իսրայէլեան «չպարտուող» բանակը երկրի ազգային ապահովութեան կրուանն է, ապա երկրի գաղտնի սպասարկութիւնը՝ Մոսատը, անոր (բանակի) ողնասիւնը կը նկատուի: Մեզի ծանօթ է Մոսատի գործունէութեան մակարդակը: Այդ մասին զանազան հատորներ տպուած են վերջին երեք դասնամեակներու ընկացխին, ոմանք ակադեմական հմուտ բովանդակութեամբ, իսկ շատերը պարզ փրոփականտայի համար: Հետաքրքրականը սակայն այն է, որ բանակի կողքին Մոսատը եւս սկսած է ընկրկոէմներ արձանագրել: Այսպէս Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ բանակներու ամենէն գաղտնի ծալքերն իսկ թափանցած Մոսատը 2006-ի պատերազմի նախօրէին չէր կրցած ճեղքել Հըզպալլայի շարքերը եւ հետեւաբար ռազմական ռազմավարութեան տեսակէտէն անցեալին բաղդատած շատ աւելի խեղճ վիճակի մէջ էր:

No comments: