Saturday, August 2, 2008

Դեմոկրացի՞ա Թէ Ազգային Ապահովութիւն...

Նորաստեղծ սիւնակի անդրանիկ յօդուածի նիւթի բնտրտուքը այդքան ալ դժուար չեր, նկատի ունենալով որ հետ նախագահական ընտրութեան ժամանակաշրջանին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը մահեր պատճարեցին, սրտեր խրովեցին, եւ ազգային ու միջազգային ալիքներ բարձրացուցին, որոնց հետեւաբքով արեւմուտքի քաղաքական դէտերը կացութիւնը որակաւորեցին իբրեւ Հայաստանի հետզհետէ զարգացող եւ ուրճացող ժողովրդավարական (իմա՝ դեմոկրադական) «Իմէճը» խաթարող երեւոյթ: Կ'արժէ այս հարցը քիչ մը վերլուծել:

Երբ յետ խորհրդային շրջանին նախապէս սովետական ազդեցութեան ներքեւ գտնուող երկիրներու մէջ այսպէս կոչուած «գունաւոր» կամ «վարդատեսակային» յեղափոխութիւններ տեղի ունեցան, արեւմուտքը ծափահարեց ու շնորհաւորեց դէպի արեւմուտք դեքող ընդիմադիր ղեկավարներու այդ քայլերը (Վրաստան, Ուքրանիա): Բայց երբ այդ «յեղափոխական» շարժումները, ինչպէս եղաւ Հայաստանի պարագային, չտուին արեւմուտքի սպասած արդիւնքը՝ հարցը վերածուեցաւ «իշխանութեանց կողմէ ըմդդիմադրուեան վրայ բանեցուած հոշոտանք»ի եւ, հետեւաբար՝ երկրի ժողովրդավարութիւնը խաթարող երեւոյթ: Կացութիւնը աւելի եւս յատկանշական կը դառնայ երբ ի նկատի ունենանք այն պարագան, որ Հայաստանի պետութեան առած քայլերը Հայաստանի ազգային ու ֆիզիքական ապահովութեան հետ ուղղակի աղերս ունէին, մանաւանդ ի նկատի ունենալով նոյն օրերուն Ղարաբաղեան ճակատի վրայ տեղի ունեցած նոր բռնկումները (արդիօ՞ք զուգաթիպութիւն), ինչպէս նաեւ Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ «Նաթօ»ին միանալու հարցերը:

Արեւմուտքի այս երկդիմի մօտեցման ետին կանքնող պատճառները կարծեմ յստակ են ընթերցողին: Մեզի կը մնայ կատարել կարգ մը վերլուծական մատնանշումներ ու հաստատումներ այս մասին.-

ա- Թէեւ ժողովրդավարութիւնը կարեւոր հանգամանք է ազգերու եւ պետութեանց յառաջընթացին համար ու մենք իբրեւ նոր անկախութիւն ձեռք բերած ազգ պէտք է գուրգուռանք անոր ուռճացման ու անխաբան երթին, սակայն բոլոր պարագաներուն կարելի չէ երկրի մը ֆիզիգական ապահովութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնել ի գին դեմոկրացիայի յաղթանակին: Այլ խօսքով ի՞նչ կ'արժէ դեմոկրացիան՝ եթէ վերանայ անոր պաշտպանը հանդիսացող պետական կառոյցը:

բ- Դէպքերը յստակօրէն ցոյց կու տան, որ Կովկասի մէջ ռազմավարական քարտէսի հիմնական փոփոխութեան մը սեմին կը կանգնինք: Յստակ է, որ Կովկասի մէջ, մէկ կողմէ Ատրպէյճանն ու Վրաստանըշ իսկ միւս կողմէ Հայաստանը, զինական դաշնակիցի առումով ի՞նչ արեւելում ունին: Եթէ Վրաստանն ու Ուքրանիան միանան Նաթոյին (միմիայն ժամանակի հարց եւ այդ ալ ոչ շատ ուշ) Հայաստանի ապահովական կացութիւնը բաւականին դժուար պիտի ըլլայ: Իսկ եթէ ասոր վրայ աւելցնենք Ատրպէյճանի նաթոյի միացման խիստ հաւանականութիւնըշ սա արդէն պիտի բացայայտէ Ամերիկայի ու Արեւմուտքի Կովկասի մէջ Ռուսիոյ դէմ վահան մը կերտելու ռազմավարական առաջնահերթութիւնը: Ասոր համար է, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւնը խիստ կարեւոր ազդակ է անոնց համար՛ որոնք «գունաւոր»էն անդին անցնելով նոյնիսկ «աղաղակութենական» յեղափոխութիւն կը ցանկային:

գ- Նման կացութեան մը մէջ Հայաստան շրջապատուած պիտի ըլլայ երեք կողմէ զինակցական միահամուր արեւելում ունեցող երկիրներով, առանց հողային սահման ունենալու իր հիմնական դաշնակցին՝ Ռուսիոյ հետ (այս հարցը չէ վրիպած Հայաստանի ժողովրդական-քաղաքական մտքէն, որով մեր հայրենակիցները այս մասին տարբեր արտայայտութիւններով կը «խօսին»: Այս մասին թերեւս ամենէն դիպուկ արտայայտութիւնը հայաստանցի մէկ կոմիկէն կու գայ (անունը զանց կ'առնենք հոս), թէ «որով Ռուսաստանի հետ հողային սահման չունինք, հետեւաբար անոր նկատմամբ մեր սէրը ԱՆՍԱՀՄԱՆ է»): Դաշնակցի հետ հողային սահման ունենալը, որ այս օրերուն ռազմավարական իմաստով նոյնքան կարեւոր է, չսելու համար աւելի կարեւոր, քան զինականը, Ռուսաստանի հետ օդային փրկարար կապէն անդին, Հայաստանի պարագային հողային միակ ելքը կը մնայ Իրանի հետ իր Մեղրիի նեղ սահմանը: Անհասկնալի է, որ ռազմավարական իմաստով ինչու՞ այդ սահմանը չենք ընդլայներ անոր մէջ ներառնելով Ճիպրայիլի ու Զանկելանի ազատագրուած շրջանները: Կարծեմ, եւ պատմութիւնը իմ կողմս է այս պարագային, երբ յանդգնիմ ըսել, թէ նման բան միայն իսրայելեան պետութիւնը կրնայ վճրականօրէն ընել: Այլապէս ինչպէս բացատրել մեր անբութութիւնը նման ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող եւ տակաւի'ն բերրի հողով օժտուած այս տարածքները անկոպ ու անմշակ ձգելը: Թերեւս հոս ալ ծիծաղի կարքով պէտք է մտածենք որ Իրանի հետ մեր սահմանը մասնաւոր «նեղ» կէ ձգենք, որպէսզի անոր հանդէպ ալ մեր սէրը եւս «անսահման» ըլլայ:

դ- Վերեւը բացատրուած ճացութիւնը նկատի ունենալով, Հայաստանի համար բնական թուացող ազգային ապահովութեան ռազմավարութիւն մը կը պարտադրէ որ ան հողային սահման ունենայ իր հիմնական դաշնակցին՝Ռուսիոյ հետ: Հոս պէտք է ընդգծել, որ Հայաստանի համար Ռուսական արեւելումը պատահական չէ եւ 1700-ականներէն ի վեր Ռուսիոյ հետապնդած ռազմավարական տուեալներով կրնայ բացատրուիլ (անշուշտ զանց առնելով խորհրդային ժամանակաշրջանը): Սակաայն ինչպէս իրականացնել Ռուսիոյ հետ հողային սահման ունենալու հարցը: Հոս կարեւորութեամբ ինքզինք կը պարտադրէ Ղարաբաղեան Ազատագրական Պայքարն ու անոր արդիւնքով շրջանի ազատագրումը, որ աւելի հեշտ դարձուց Հայաստանի բնական պաշտպանութեան կարելիութիւններըշ ինչ որ ազգային ապահովութեան կարեւոր տուեալ է: Ռուսիոյ հետ հողային սահման ունենալու հարցը եւս կ'ենդադրէ հայկական հիւսիսային սահմանը հասցնել իր բնական եզրին՝ իր կոմէ դիտուած Կուր գետի հիւսիսային ափը: Միւս կողմէն, Ռուսիա պէտք է իր կարգին իր հարաւային սահմանը հասցնէ իր կողմէն դիտուած Կուր գետի հարաւային ափը: Միայն այս ձեւով է, որ Հայաստան կրնայ դուրս գալ իր այսօրուան ամբողջական շրջափակումէնշ ինչպէս նաեւ պատնեշ հանդիսանալ հաւանական Բանթուրքիզմի նոր վախէն: Կ'արժէ հոս նշել, որ դէպի Թուրքիա երկարող «Ճիհանի կազամուղ»ը մէկն է Հայաստանը բոլոր միջոցներով մեկուսացնելու տիրող (եւ հակառակ շատերու կողմէ դեդեւօրէն առնուող) վտանգէն:

ե- Գիտեմ, որ սիւնակի այս առաջին հատուածի յառուցած խնդիրները կրնան մաքսիմալիստական նկատուիլ ոմանց կողմէ: Պէտք չէ մոռնալ, սակայն, որ կատարածս Հայաստանի ազգային ապահովութեան հարցէն մեկնելով ապագայ հեռանկարներ որոնելն է: Դեռ շատ բաներ կան խօսելիք՝ ինչպէս օրինակ Հայաստանի ռազմական կարելիութիւնները, Երկրի ներքին քաղաքացիական, քաղաքական, ազգային, գաղաբարական, սոցիալական, կրօնամշակութային, քաղաքակրթական միասնականութեան հրամայականներն ու այլ հարցեր, ինչպէս օրինակ «դրացիներ»ու տեղական, շրջանային ու միջազգային յարաբերութեանց ոլորտներն ու Հայաստանի զետեղումը գերպետական նոր համակարգի մը ներքեւ: Այս հարցերուն մասին պիտի անդրադառնանք հետագային:

No comments: